
Ներսէս Դ. Կաթողիկոսը մեզի կը ներկայանայ տարբեր մականուններով։
Կոչուած է Ներսէս Կլայեցի իր աթոռանիստ բնակավայրին՝ Հռոմկլայի անունով, ուր նաեւ թաղուած է։
Ներսէս Շնորհալի անուանուած է ոչ միայն իր վարք ու բարքին համար այլեւ աւարտած վարդապետարանի՝ Կարմիր վանքի Ստեփանոս Գիտնական վարդապետի աշակերտներու տիտղոսով, ինչպէս օրինակ Սարգիս շնորհալին, Իգնատիոս շնորհալին եւ Բարսեղ շնորհալին։
Շատ անգամ նաեւ Երգեցող կոչուած է՝ բազմաթիւ շարականներու, ներդաշնակ մեղեդիներու, հեշտալուր երգերու եւ հոգեպարար տաղերու հեղինակութեամբ։
1102 թուականին, Խարբերդի մօտակայքը գտնուող Ծովք բերդին մէջ կը ծնի Պահլաւունի իշխան Ապիրատի եւ Վանենի իշխանուհիի երրորդ մանչ զաւակը՝ Գրիգորիսէ եւ Վասիլէ ետք։ Աւելի ուշ լոյս աշխարհ պիտի գային Շահան կամ Զօրավար եղբայրը եւ քոյրը՝ Մարիամ։
Հօր եղերական մահէն ետք, 1111 թուականին, 9 տարեկանին, մեծ եղբօր՝ Գրիգորիսի նման կը յանձնուի Շուղրի Կարմիր վանքի վանահօր՝ Ստեփանոս Մանուկ Գիտնական Վարդապետ Կարմիրվանեցիի խնամքին եւ կը դաստիարակուի կրօնաւորական եւ եկեղեցական գիտելիքներով եւ սկզբունքներով։
1116ին իր մեծ եղբայրը՝ Գրիգորիս Գ. Պահլաւունի Կաթողիկոսը, Անտիոքի Պաղտին իշխանէն դղեակ մը կը գնէ, Կոմմագէնէի Տլուք գաւառի մէջ։ Հոն կը տեղափոխէ հայրապետական աթոռը եւ հօրենական բերդի անունով Ծով կը կոչէ։
Հաւատարիմ աջակիցի պահանջը զգալով, 1120ին, իր տասնութամեայ եղբայրը կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրէ Ներսէս վերանուանելով։
Հայրապետական դիւանատան մէջ Ներսէս կը շարունակէ օրինակելի ճգնողական վարքով ապրիլ եւ միաժամանակ իր ուսումնական պրպտումներուն մէջ խորանալ, ինչպէս կը վկայէ իր վարկագիրը՝ Ներսէս Լամբրոնացին։
Ներսէս՝ Եպիսկոպոսի ուղեւորութիւնը Արեւելեան Հայաստան
Ս. Ներսէս Շնորհալիի երէց եղբայրը՝ Գրիգորիս Գ. Պահլաւունի Կաթողիկոսը Ծով դղեակը փոխադրելով հայրապետական աթոռը՝ կը ձեռնարկէ լաւագոյն կերպով կազմակերպելու ոչ միայն իր աթոռանիստը այլ նաեւ իրեն յանձնուած հօտը։
Այս պատճառով իսկ Կարմիր վանքէն իր մօտ կը հրաւիրէ կրտսեր եղբայրը՝ Ներսէսը եւ աշակերտներ հաւաքելով միասին սկիզբ կու տան ուսումնական ընթացքին, վարդապետարանի լրջութեամբ պատրաստելու համար ապագայ նուիրեալ հոգեւորականներ եւ ուսեալ վարդապետներ։
Այս տարիներուն, շատ հաւանաբար 1121 թուականին, Ներսէս կը շարադրէ 1600 տողնոց «Վիպասանութիւն» կոչուած տաղաչափուած պատմական յիշատակարանը, ներկայացնելով Պահլաւունի ընտանիքի պատմութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Գրիգոր Վկայասէր։
Շուրջ 1125ին Գրիգորիս Կաթողիկոս զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ պատուիրակութեամբ կ՚ուղարկէ արեւելք՝ հայրապետական աթոռը Անի տեղափոխելու մտադրութեամբ եւ հեռանկարով։ Ներսէս կ՚այցելէ նաեւ արեւելեան Հայաստանի հռչակաւոր վարդապետարանները՝ Գանձասար, Հաղբատ, Սանահին, Գետիկ եւ Հաղարծին, ինչպէս նաեւ Մաքենոցաց եւ Թեղենեաց վանքերը եւ կը ծանօթանայ նշանաւոր վարդապետներու։ Շատ հաւանաբար անոնց ներկայութեան քաղցրածորան քարոզներ եւ գիտական, հիմնաւոր, հանճարեղ ճառեր խօսած ըլլայ, որոնց յուշով եւ կարօտով այդ վարդապետներէն ոմանք աւելի ուշ իրմէ պարզաբանումներ կը խնդրեն։
Այսպէս, Հաղբատի վանական՝ Վարդան վարդապետի խնդրանքով կը շարադրէ Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի անունով մեզի հասած «Բարձրացուցէ՛ք» ճառը պարզաբանող 606 տողնոց «Ներբող Ս. Խաչին» խորաթափանց տեսութեամբ աստուածաբանական ընդարձակ մեկնութիւնը։
Նոյնպէս Հաղբատի Առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոսը կը դիմէ իրեն՝ խնդրելով Ս. Սարգիսի վկայաբանութիւնը։ Մալաթիայի մօտ գտնուող Մար-Պարսումա ասորի վանքի առաջնորդ Միքայէլին Ներսէս Շնորհալի թարգմանել կու տայ Ս. Սարգիսի վարքը եւ սրբագրելով Հաղբատի առաջնորդին կ՚ուղարկէ 1158 թուականին նամակի մը ընկերակցութեամբ։
Ստեփանոս վարդապետ, Ալիշանի համաձայն Վանի շրջակայքի Ստեփանոս Իմաստասէր եպիսկոպոսը Շնորհալիէն կը խնդրէ, Դաւիթ Անյաղթի վերագրուած «Ամենայն չար տանջելի» իմաստասիրական եւ բարոյական գրութեան մեկնութիւնը։ Ներսէս կ՚ընդառաջէ գեղեցիկ բայց համառօտ գրութեամբ մը, շատ հաւանաբար 1165 թուականին, երբ Թորոս եւ Օշին իշխաններու հաշտարար դերը ստանձնած էր։
Բժշկապետ եւ աստղագէտ Մխիթար Հերացիի խնդրանքով Ներսէս Շնորհալի կը գրէ «Յաղագս երկնից եւ զարդուց նորա» 120 տողնոց դիմառնական քերթուած մը, ուր երկինքն անձամբ կը պատմէ արեւի, լուսնի, աստղերու արարումը եւ երկնային համակարգի յօրինուածքը։ Շնորհալի իր այս աշխատութեան 62 տողնոց յորդորակ մը կը կցէ, որու տողերու սկզբնատառերը կը հիւսեն հետեւեալ նախադասութիւնը. «Մխիթար Բժիշկ ընկալ ի Ներսէսէ զայս բան», այսինքն՝ Մխիթար Բժիշկ՝ ընդունէ Ներսէսէն այս խօսքը»։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց — Ներսէս եպիսկոպոս Կաթողիկոսի օգնական
Ներսէս Շնորհալի եպիսկոպոս արեւելեան ճանապարհորդութենէն Ծով դղեակ վերադառնալով երեսուն տարիէ աւելի կը նուիրուի Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հոգելից սերունդ դաստիարակելու եւ գիտնական հոգեւորականութիւն մարզելու աշխատանքին։ Իր շուրջ կը հաւաքէ աշակերտներու եւ վարդապետներու բազմութիւն մը որոնք իրենց կարգին պիտի ծաւալէին Քրիստոսի լոյսը թէ՛ Կիլիկիոյ, թէ՛ Մեծ Հայքի եւ թէ՛ համասփիւռ հայութեան մէջ։
Աշակերտներու կրթութեան եւ միանգամայն ժողովուրդի հոգեւոր զարգացումն ու վերելքը խթանելու համար Գրիգորիս Կաթողիկոս կը ծրագրէ հանրամատչելի մեկնութիւններ պատրաստել։ Խանդավառութեամբ կը ձեռնարկէ իր մեծ քեռիին՝ Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսի օրինակով, սուրբերու նորանոր վարքեր եւ վկայաբանութիւններ, տէրունական եւ Աստուածածնի տօներու նուիրուած ներբողներ յօրինել։ Այս լուսաւորութեան աշխատանքին կը հրաւիրէ ոչ միայն իր եղբայրը այլ նաեւ Ստեփանոս Մանուկ Վարդապետին մօտ սորված իրենց աշակերտակիցները։
Շատ հաւանաբար այս շրջանին է որ Իգնատիոս Շնորհալին, որ Սեաւ լերան Շափիրին մենաստանը առանձնացած էր, կը գրէ Ղուկասի աւետարանին մեկնութիւնը, դիւրըմբռնելի եւ ներդաշնակ ոճով շարադրուած։ Գրած է նաեւ Եսայի մարգարէի մեկնութիւն մը եւ Առաջաւորաց պահքի մասին բացատրութիւն մը։
Իրենց աշակերտակից Սարգիս Շնորհալին նոյնպէս կը շարադրէ առաքելական Ընդհանրական նամակներու համառօտ մեկնութիւն մը, Յովհան Ոսկեբերան հայրապետի ոճով։ Սարգիս, յետագային, Սեաւ լերան Քարաշիթ վանքը քաշուելով, պիտի ընդլայնէ, լրացնէ եւ աւարտին հասցնէ այս աշխատութիւնը։
Ներսէս Շնորհալի ալ կը շարադրէ Կաթուղիկէ եօթ նամակներու մեկնութիւն մը՝ սուրբ Հայրերու խօսքերէն հատուածաբար քաղելով եւ միահիւսելով։
Ներսէս սկսած է նաեւ մեկնել Մատթէոսի աւետարանը, հեզասահ եւ պարզ ոճով, սակայն, հասնելով մինչեւ Ե. գլուխի 17րդ համարը մեզի անյայտ պատճառներով կ՚ընդհատէ եւ երկը անաւարտ կը մնայ։ 150 տարի ետք, Թադէի վանքին մէջ, սոյն մեկնութիւնը իր աւարտին պիտի հասցնէ Յովհաննէս Երզնկացին։
Բաւական ծանր եւ դժուար պայմաններու մէջ այս բոլորը հնարաւոր դարձաւ արշաւանքներու եւ ասպատականութիւններու թատերաբեմ դարձած տարածաշրջանի մը մէջ։ Եդեսիոյ լատին տիրակալները՝ որոնց իշխանութեան մէջ կը գտնուէր Ծով դղեակը, իրենց հնարաւորութեան չափով կը փորձէին պահպանել սեփական տարածքները եւ խաղաղութիւնն ապահովել իրենց տէրութեան սահմաններէն ներս։
1136ի աշնան տխրալուր գոյժ մը սուգով կը պատէ Շնորհալի երկու եղբայրները՝ Գրիգորիս Կաթողիկոսն ու Ներսէս եպիսկոպոսը։ Սուլտան Մահմուտ ասպատակելով Քեսունի շրջակայքը աւերած ու հրկիզած էր իրենց ուսումնարանը՝ Կարմիր վանքը։
Բիւզանդիոնի Յովհաննէս Կոմնենոս կայսրն ալ իր բանակներով ժամանած էր Կիլիկիա եւ ահ ու սարսափ տարածելով անխնայ կ՚աւերէր հայոց վանքերն ու եկեղեցիները։
Ներսէս Շնորհալի իր Կաթողիկոս եղբօր լիարժէք օգնականն էր ամէն հարցի մէջ։ Եդեսիայի կոմսութեան սահմաններէն ներս, խաչակիրներու իշխանութեան տակ, հայերը ապաստան գտած էին ասորիներու երկիրը։ Ամէնօրեայ կեանքի մէջ անխուսափելի էին ընդհարումները, որ չարին դրդումով կը ծաւալուին ու կը հասնին այն աստիճանի որ ասորիները կ՚ամբաստանեն թէ Գրիգորիս Կաթողիկոս գրութեան մը մէջ քննադատած եւ նախատած ըլլայ իրենց սովորութիւնները։ Ասոր դէմ Յովհաննէս Բար-Անդրէաս ասորի վանահայր մը, քաջատեղեակ հայերէն լեզուին, պարսաւագիր մը կը շարադրէ հայ ծիսական սովորութիւններու դէմ։ Ի սէր ժողովուրդի հաշտ ու համերաշխ կեանքին, շատ հաւանաբար Ներսէս Շնորհալիի խորհուրդով, Գրիգորիս Կաթողիկոս հրապարակի վրայ այրել կու տայ երկու գրութիւնները, 1134ին։
Այսպիսի խառնաշփոթ Ներսէս Շնորհալի արդէն դիմագրաւած էր Թլկուրանի Առիւծ իշխանի խնդրանքով, բացատրելու համար տեղւոյն հայ անուս հոգեւորականութեան Քրիստոսի չարչարանքներու եւ մահուան, ինչպէս նաեւ դրախտի գոյութեան եւ մատաղի մասին։ Աստուածաբանական խրթին խորհուրդներու քննութեան համար Շնորհալի մեզ ալ կը յորդորէ ըսելով՝ «մտքի քննարկումով չհասածիդ՝ հաւատքի ոյժով իսկոյն կը հասնիս»։
1136ին Անտիոքի առաջին լատին պատրիարքը՝ Բեռնարդոս կը մահանայ եւ Ռատուլֆ ֆրանսացի եպիսկոպոսը կը բազմի աթոռին։ Հոգեւորական դասի մէջ երկպառակութիւն կը ծագի, այն աստիճանի որ Հռոմ կը ստիպուի միջամտել եւ Անտիոք կ՚ուղարկուի Պապական Լեկադը՝ այսինքն Նուիրակ Կարդինալ Ալպերիկ Օստիայի եպիսկոպոսը, որ Անտիոքի մէջ եկեղեցական ժողով կը գումարէ 1139ի Նոյեմբերի վերջին օրը։ Կը հրաւիրուի նաեւ Հայոց Կաթողիկոսը, որ իր եղբօր հետ միասին կը փութայ հասնիլ Անտիոք։ Մեծ պատիւներով կ՚ընդունին զիրենք, եւ Ներսէս խօսք կ՚առնէ ժողովի ընթացքին, շատ հաւանաբար սիրոյ եւ համերաշխութեան հրաւիրելով բոլորը։ Ինչպէս Կիրակոս պատմիչ եւ Լամբրոնացին կը հաղորդեն, անոր խօսքերը հաճելի կ՚անցնին եւ հաւանութեան կ՚արժանանան։
Այս հանդիպումէն տպաւորուած Պապական Նուիրակը կը հրաւիրէ Գրիգորիս Կաթողիկոսը միասին երթալու Երուսաղէմ, Ս. Սիոնի եկեղեցիի տօնախմբութեան։ Շատ հաւանաբար Ներսէս եպիսկոպոսն ալ կ՚ընկերակցի եղբօր։ Մեծ պատիւներով զիրենք կ՚ընդունին երբ Երուսաղէմ մուտք կը գործեն։
Այդ օրերուն միօրեայ ժողով մըն ալ կը գումարեն, որու ընթացքին հայոց Հայրապետը կը փայլի ոչ միայն իր արտաքին փառաշուք կեցուածքով եւ շքեղ զգեստաւորումով եւ եպիսկոպոսներու շքախումբով, այլ առաւել եւս հաւատքի խօսքը բացատրելուն՝ ճշմարտութեան հաւատարմութեամբ, յստակ եւ պայծառ տեսութեամբ, կանոնաւոր ընթացքով, վարդապետական ճոխութեամբ եւ հեղինակաւոր կշիռով։ Ինչպէս կը վկայէ Սամուէլ Անեցի պատմիչը՝ «ուրախ եւ լի բարեհաճութեամբ՝ մեր ազգին եւ Հայրապետին հանդէպ մեծ սիրով կապուեցան»։
Ներսէս եպիսկոպոսի ողբը Եդեսեայի անկումին
1136ի աշնան տխրալուր գոյժ մը սուգով կը պատէ Շնորհալի երկու եղբայրները՝ Գրիգորիս Կաթողիկոսն ու Ներսէս եպիսկոպոսը։ Սուլտան Մահմուտ ասպատակելով Քեսունի շրջակայքը աւերած ու հրկիզած էր իրենց ուսումնարանը՝ Կարմիր վանքը։
Ծանր եւ դժուար տարիներ էին. տարածաշրջանը արշաւանքներու եւ ասպատականութիւններու թատերաբեմ դարձած էր։ Սակայն Եդեսեայի լատին տիրակալները իրենց կարողութեան համեմատ կը փորձէին պահպանել եւ խաղաղութիւնն ապահովել իրենց տէրութեան սահմաններէն ներս։
Բիւզանդիոնի Յովհաննէս Պերբերօժէն կայսրը իր բանակներով ժամանած էր Կիլիկիա ահ ու սարսափ տարածելով ամէնուր, անխնայ աւերելով Տարսոնը եւ Ատանան, Մամեստիա եւ Անարզաբա քաղաքները եւ գերեվարելով Լեւոն իշխանն ու իր կորիւնները։
Ներսէս Շնորհալի 1137ին յիշատակարանի մը մէջ կը գրէ. «զիս ալ Հայոց կաթողիկոս Տէր Գրիգորի եղբայր եւ անարժան եպիսկոպոսս՝ Ներսէսը յիշեցէք ի Քրիստոս, որ Հայոց վանքերէն կողոպտուած եւ աւարառուած այս գիրքը յոյներէն գնեցի, երբ Հոռոմներու թագաւորը Կիլիկեցիներու աշխարհ եկաւ եւ երկիրը յափշտակեց ազգով եւ հաւատքով հայ՝ Լեւոն իշխանէն։ Բազում վանքեր եւ եկեղեցիներ աւերեցին եւ տէրունական խաչեր խորտակեցին եւ քինախնդրաբար աներեւակայելի հարուածներ հասցուցին մեր ազգին»։
Այս ասպատակութիւնները վերջ պիտի գտնէին միայն Յովհաննէս Կոմնենոս կայսրի վաղաժամ մահով, որ վրայ կը հասնի 1143ին, որսի ընթացքին թունաւոր նետէ մը վիրաւորուելով։
Տարի մը չանցած՝ 1145ին Ներսէս իր եղբօրորդիին՝ երիտասարդ Ապիրատի իշխանիկի խնդրանքով ականատեսի ճշտութեամբ եւ մանրամասնութիւններով կը պատմէ Ուրհայի կործանումը:
Հալէպի իշխանը՝ Էմիր Իմատ ալ-դին Զանգին — թարգմանաբար՝ Կրօնքի սիւն — 1144ի աշնան պատերազմի կ՚երթայ Տիարպեքիրի Օրթոքեան իշխան՝ Էմիր Քարա Արսլանի դէմ: Ճամբան, լրտեսները կը տեղեկացնեն թէ Ճոսլին Բ. Եդեսեայի կոմսը իր զօրքով քաղաքէն հեռանալով կ՚աճապարէր Զանգիի թիկունքն անցնելով վերադարձի ճանապարհը փակել: Զանգին կը հրամայէ իր բանակին, որ «մոխրական» կը կոչուէր հագած վերարկուի գոյնով, արշաւել եւ պաշարել Եդեսիա քաղաքը։ Ճոսլին կ՚ապաստանի Թլպաշար օգնութիւն ակնկալելով Երուսաղէմէն եւ Անտիոքէն, բայց ի զուր։ Եդեսիա մնացած փոքրաթիւ խաչակիրները ամիս մը շարունակ հերոսաբար կը պաշտպանեն քաղաքը, սակայն Դեկտեմբեր 23ին, շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 7ին թշնամիները կը յաջողին խրամատել պարիսպը եւ քաղաք ներխուժել։ Աներեւակայելի սպանդ, աննկարագրելի եւ ահարկու գազանութիւններ կը կատարուին ամէնուր, այնքան որ Շնորհալի խօսք չի գտներ արտայայտելու այդ սարսափելի աւերածութիւնն ու պղծութիւնները:
Ներսէս Շնորհալի լաւատեսական շունչով կ՚աւարտէ իր «Ողբ Եդեսեայի» երկը՝ խաչակիրներու շուտափոյթ վերադարձը եւ Եդեսեայի վերականգնումը մաղթելով:
Ներսէս եպիսկոպոս եւ Հայոց պատուիրակութիւնը Հռոմ
Քրիստոսի հետեւորդ եւ աշակերտ ըլլալ՝ այսինքն քրիստոնեայ ըլլալը սոսկ պատկանելիութիւն մը կամ անդամագրութիւն մը չի կրնար ըլլալ։ Կենսական միութիւն մը կը պահանջէ, Յիսուսի խօսքերով՝ ճիւղի նման պէտք է միացած ըլլայ բունին, որպէսզի սնուի միեւնոյն աւիշէն որ կը բարձրանայ արմատներէն մինչեւ հեռաւոր ծիլերը, կենդանացնելով ամբողջ ծառը։ Քրիստոնեան չի կրնար կեանք ունենալ եթէ միացած չըլլայ Քրիստոսի, ինչպէս մարմնի անդամները չեն կրնար եթէ միացած չըլլան գլխուն։ Այս ամբողջական միութիւնը վերականգնելու համար մեր սուրբ հայրերը ջանք չեն խնայած եւ Ներսէս Շնորհալիի օրոք ալ կատարուած են բազմաթիւ փորձեր հարթելու համար դժուարութիւնները եւ հասնելու համար ցանկալի միութեան։
Եսայի Նչեցի Գլաձորի հռչակաւոր Րաբունապետը կը հաղորդէ թէ Քահանայապետական Նուիրակ Ալբերիկոսը, որ հանդիպած էր Գիրգոր Գ. Հայոց Կաթողիկոսին թէ՛ Եդեսիայ եւ թէ՛ Երուսաղէմի ժողովին, վերադառնալով Հռոմ հանդիպումներու մասին կը զեկուցէ Իննովկենտիոս Պապին, որ նամակով մը կը խնդրէ անձամբ ծանօթանալ Կաթողիկոսի եղբօր՝ Ներսէսի հետ, որու մասին այնքան լսած էր, եկեղեցական հարցերու մասին քննարկումներ կատարելու համար։
Այս յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ կը զետեղուի Գրիգորիս Գ. Հայոց Կաթողիկոսի ուղարկած պատուիրակութիւնը, որ 1144ի գարնան ճամբայ ելած էր եւ մէկուկէս տարուան ճամբորդութենէն ետք՝ 1145ի աշնան Հռոմ կը ժամանէ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր եպիսկոպոս մը, որու անունը դժբախտաբար պատմութիւնը թանձր շղարշով քօղարկած է։
Արդեօ՞ք այդ եպիսկոպոսը Կաթողիոսի հարազատ եղբայրը՝ Ներսէս Շնորհալին էր։ Յայտնի չէ։
Ներքին խռովութիւնները ստիպած էին Հռոմի նորընտիր Պապ Եւգենիոս Գ.ին Վիդերպոյ քաշուիլ։ Այս իսկ պատճառով պատուիրակութիւնը այդ քաղաքը կ՚ուղղուի։ Հայկական եւ լատինական դիւաններուն մէջ քիչ տեղեկութիւն պահպանուած է այս պատուիրակութեան հետ կապուած դէպքերուն, դրդապատճառներուն ու ձեռքբերումներուն մասին, նոյնիսկ եթէ Ոթոն Պաւիերայի Ֆրիզինկէն քաղաքի արքեպիսկոպոսը ականատեսի վկայութեամբ իր Ժամանակագրութեան մէջ կը յիշատակէ այս պատուիրակութեան մասին։։
Մխիթար Ապարանեցի կը կրկնէ Սիսի գաւազանագրքի տեղեկութիւնը, որ Գրիգորիս Գ. Պահլաւունիի մասին կը գրէր. «Իրեն նամակ գրեց Հռոմի [Ոնորիոս Բ.] հայրապետը եւ խնդրեց Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօները՝ Հռոմի մեծ եկեղեցւոյ եւ ամբողջ աշխարհի հետ միասին կատարել եւ ջուր լեցնել սուրբ խորհուրդին մէջ։ Իրմէ ետք Իննովկենտիոս Պապն ալ նոյնը գրեց եւ անհրաժեշտ ըլլալը ցոյց տուաւ»։
Թէեւ Եսայի Նչեցի այս դէպքերէն շուրջ 160 տարի ետք կը գրէ. «այսօր մեր ձեռքն ունինք [Հռոմի Պապի] Հարցադրումը անոր տրուած Պատախանով հանդերձ», Գրիգորի Կաթողիկոսի եւ Ներսէս Շնորհալիի կողմէ շարադրուած, սակայն դժբախտաբար առ այսօր չէ յայտնաբերուած նման գրութիւն մը։
Եկեղեցիներու մերձեցման այս փորձերը միշտ ապարդիւն մնացին, շարունակ ծիսական եւ աւանդական սովորութիւններու տարբերութեան վրայ կեդրոնանալով եւ չկարենալով գերազանցել այս խոչընդոտները։
Ներսէս Շնորհալի եւ Հայոց կաթողիկոսական աթոռի փոխադրումը Հռոմկլայ
Քաղաքական թատերաբեմը պարբերական ելեւէջներով խռովայոյզ՝ անհնար կը դարձնէր կառուցողական որեւէ աշխատանք։ Եդեսիայի անկումէն ետք, Ներսէս Շնորհալիի ակնկալած արեւմտեան օժանդակութիւնը չ՚ուշացաւ եւ 1148ին երկրորդ խաչակրութիւնը հասաւ արեւելք՝ զօրավիգ կանգնելու համար Սուրբ Երկիրի եւ յարակից ասպետական տիրոյթներու խաչակիրներուն։ Սակայն յոյներու դաւադրութիւնը ջլատեց խաչակիրներու զօրքը։
Տարբեր ճակատամարտներու մէջ ինկան քրիստոնեայ իշխանները եւ Դամասկոսի պարիսպներուն տակ վերջնական խորտակումէն ետք, մէկ տարի չանցած, 1149ին վերադարձան իրենց երկիրները։ Իսլամ տիրակալները ամէնուր ասպատակութիւն կը սփռեն։ Այս իսկ պատճառով Գրիգորիս Կաթողիկոս եւ Ներսէս Շնորհալի կ՚ապաստանին Թորոս հայ իշխանի մօտ Վահկայ բերդը, Տաւրոսի լեռներէն անդին, սպասելով պատերազմի ելքին։
Ներսէս Շնորհալի այդ տարի մէկ հատորի մէջ կը կազմէ, կ՚ընդօրինակէ եւ զարդանախշերով կը ծաղկէ Աստուածաշունչի Առակաց, Ժողովող, Իմաստութեան եւ Երգերգոցի սողոմոնեան չորս գիրքերը։ Յետագային՝ այս հատորը Հռոմկլայի մէջ 1185ին պիտի օրինակէ իր եղբօրորդին՝ Գրիգոր Տղան, եւ ապա 1201ին Բասիլ, որու գրչագիրը պահպանուած է Ս. Ղազարի մատենադարանին մէջ։ Ժամանակակիցները հիացումով կ՚արտայայտուին Ներսէս Շնորհալիի մասին որպէս վարպետ Վայելչագիր եւ ծաղկող։
1150ին Հալէպի տիրոջ՝ Նուրէտտինի ձեռքը գերի կ՚իյնայ Եդեսիայի իշխանը Ճոսլին մինչ իր կինը՝ Պէաթրիս քաջութեամբ կը դիմադրէ Թլպաշարի մէջ, բայց գիտակցելով ուժերու անհաւասարութեան՝ երկիրը կը վաճառէ յոյներու Մանուէլ կայսրին որպէսզի հեռանայ։
Գրիգորիս Կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալի յոյներու տիրապետութեան սահմաններուն մէջ ապրիլն անհնար դատելով՝ Պէաթրիս իշխանուհիէն կը գնեն վերջին կալուածը՝ Հռոմկլայ բերդը եւ հոն կը տեղափոխեն հայրապետական աթոռն ու վարդապետարանը 1151ին։ Եփրատ գետի ափին, 120 մետր բարձր ամրակուռ եւ քարաբլրի վրայ կառուցուած, ամէն կողմէ պաշտպանուած բնական ամրոց մըն էր։ Շուրջ մէկ ու կէս դար հոն պիտի հանգրուանէր կաթողիկոսական աթոռը։
Այս բոլոր դէպքերու եւ տարուբերումներու մէջ Ներսէս Շնորհալի կ՚աւարտէ իր «Բան հաւատոյ» քերթուածը, որու յիշատակարանին մէջ կը նկարագրէ Հռոմլան, տեղափոխութիւնը, եւ Իկոնիոյ Մասուտ սուլտանի արշաւանքները, որու արդիւնքով Հռոմկլան Օրթոքեան իշխան Թիմուրթաշի իշխանութեան տակ կը մտնէ։
«Բան հաւատոյ» քերթուածը Շնորհալի կ՚աւարտէ 1151ին, եւ գրած է իր եղբօրորդիի՝ Ապիրատի խնդրանքով։ 1504 տողերէ կազմուած, ամփոփ բայց միաժամանակ ամբողջական հաւատքի դաւանականք մըն է, Ամենասուրբ Երրորդութենէն մինչեւ Քրիստոսի մարդեղութիւնն ու Համբարձումը եւ վերջին դատաստանը։ Շնորհալիի նպատակն էր պարզունակ մտքերը հոգիի իմաստութեամբ կրթել, պարզ բառերով բացատրել հաւատքի հանգանակը եւ երկնային բարձունքները հասցնել։
Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս Որդի»- ն
«Յիսուս Որդի» բառերով սկսող երկարաշունչ քերթուածը հայ իրականութեան մէջ ամենէն աւելի կարդացուած գիրքերէն մէկը եղած է։
Ներսէս Շնորհալի վերնագրին մէջ կը բնորոշէ զայն որպէս «ողբումն հեծութեան սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ»։ Ակնյայտ ակնարկ մըն է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան», բայց շատ հեռու է կրկնութիւն կամ նմանութիւն ըլլալէ։
«Յիսուս՝ Որդի Հօր միածին»… Ամենասուրբ Երրորդութեան հաւատքի հակիրճ դաւանանքէ մը ետք, անառակ որդիին նմացնելով իր անձը՝ կ՚անցնի փրկագործութեան պատմութեան, եւ սկսելով ադամական պատուիրանազանցութենէն, Աստուածաշունչ մատեանի հինկտակարանեան սրբազան պատմութիւնն ամբողջ կը ներկայացնէ, իւրաքանչիւր պատումի աւարտին իր մեղաւոր անձը նշելով եւ շարունակ թողութիւն խնդրելով։
651րդ տողով կը սկսի ներկայացնել Նոր Կտակարանեան դէպքերը, իւրաքանչիւր պատմուածքէն ետք զղջական խօսքերով կը մաղթէ Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ երկնքի արքայութեան ժառանգութիւնը։
1612րդ տողով բարեխօսական պաղատանքներ կը շարադրէ, սկսելով ամենահզօր միջնորդէն, որ կը կոչէ «Աստուածածին անապական եւ միշտ Կոյս», եւ հերթաբար կը դիմէ Ս. Յովհաննէս Կարապետին, Առաքեալներուն մէկ առ մէկ, Ստեփանոս նախասարկաւագին, Հայրապետներուն, մարտիրոսներուն, նահատակներուն եւ ճգնաւորներուն։
3415րդ տողով կը նկարագրէ դատաստանը, երկորդ գալուստը, համայն մարդկութեան յարութիւնը եւ ահեղ դատաստանը՝ հրեշտակներու ներկայութեան։ Մանրամասն կը նկարագրէ մեղաւորներու եւ մեղքերու տեսակները որ կը պատժուին ինչպէս նաեւ արդարներու բարեմասնութիւնները որ կը վարձատրուին։
1708րդ տողով կ՚անցնի իր անձը ողբալու՝ որ զուրկ է ամէն բարիքէ եւ արդարներու միջնորդութեամբ կը խնդրէ որ արժանի ըլլայ երկնքի արքայութեան, եւ նոյնը կը մաղթէ նաեւ իր ծնողներուն եւ ազգականներու եւ կ՚աղաչէ որ Աստուած ողորմի բոլորին, զինք սիրողին եւ ատողին, ծանօթին եւ անծանօթին։ Կը յիշէ նաեւ ընթերցողներն ու անգիր արտասանողները եւ կը փակէ ամենասուրբ Երրորդութեան փառատրութեամբ։
Շնորհալի այս երկին կցած է նաեւ յիշատակարան մը, ուր կը նշէ թէ աւարտած է 1152 թուականին, երկու հազար երկմասնեայ յանգաւոր տուներով, այսինքն ութոտեան եւ իւրաքանչիւր տող՝ -ին վերջաւորութեամբ, բացի յիշատակարանէն՝ որ -ան վերջաւորութեամբ շարադրած է, հաւանաբար անջատելու համար գլխաւոր գրութենէն։
Այս յիշատակարանին մէջ իր անձին մասին ալ կը խօսի, նշելով որ Գրիգորիս Կաթողիկոսին եղբայրն է, արիւնակից Լուսաւորչին։ Անմիջապէս կը շարունակէ. «Զարթուն թուէի եւ թմբրեցայ». բոլորիս յայտնի է որ «արթուն»ը կը համապատասխանէ յունարէնէ յառաջացած Գրիգոր անունին։ Արդեօ՞ք Շնորհալի իր աւազանի անունին կ՚ակնարկէ. կրնա՞յ ըլլալ որ մկրտութեան անունը Գրիգոր եղած ըլլայ։ Պատմութիւնը առ այժմ լուր կը մնայ։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի Հաւատով Խոստովանիմ աղօթքը
Շնորհալիի սիրակէզ հոգին չգոհացաւ «Բան Հաւատոյ» երկարաշունչ «սիրավէպ»ով, ուզեց անպայման Ս. Հոգիէն բորբոքած՝ հրդեհած սրտէն բոցկլտացող կայծերով բոցակիզել ամէնքը անխտիր, սիրոյ կրակի բովէն անցած մաքրամաքուր ոսկեղէն աղօթքներով, կարճ, դիպուկ եւ կուռ, խօսուն եւ մինչեւ սրտի խորքը խոցող եւ անմիջապէս զովացնող, ամոքող, բուժող եւ անմահական բալասանի նման վերականգնող եւ կենսագործող խնկաբոյր աղօթքով։ Իր հօտի հոգեւոր առողջութեամբ մտահոգ՝ օրուան իւրաքանչիւր ժամուն յարմար դեղահատը պատրաստելու ձեռնամուխ եղաւ, եւ հոգեսիրտ աղբիւրէն յորդառատ զեղումով ծնան 24 ադամանդակուռ տուներ, 24 անգին ակ, 24 մարգարիտ ու գոհար, որ կը պարունակեն քրիստոնեայի կարեւորագոյն հաւատալիքները, խնդիրները, կարիքները, իղձերը, արցունքն ու սէրը։ Եւ այսպէս ծնաւ «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը։
«Իր սիրտն այնքան վառ ու պայծառ էր, — կը գրէ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, — այնքան լցուած սուրբ գաղափարներով եւ իղձերով՝ որ կարծեմ թէ երբ մտածեց քրիստոնեայի յարմար աղօթք մը գրել՝ շուտով շարադրեց. գուցէ մէկ շունչով, մէկ օրուայ մէջ, առանց փնտռելու ուրիշ լոյս բացի ճշմարիտ լոյսէն՝ Քրիստոսէ»։
Աղօթքին կցուած յիշատակարանին մէջ Շնորհալի կը նշէ որ թէեւ պիտի փափաքէր որ հաւատացեալները մէկական տուն աղօթք բարձրացնէին ամէն ժամը մէկ, սակայն հասկնալով որ քիչերուն հնարաւոր պիտի ըլլար, կը յանձնարարէ որ այս աղօթքը օրական հինգ անգամ, կամ չորս եւ կամ երեք՝ առաւօտ, կէսօր եւ իրիկուն կատարեն, իսկ անկարելիութեան պարագային գոնէ անգամ մը ըսեն, կամ քանի մը տուն գոց սորվին եւ եկեղեցւոյ բոլոր օրական աղօթքներուն տեղ արտասանեն։ Ահա թէ որքան հովուական գուրգուրանքով տոչորուած էր իսկական հոգեւոր բարի հովիւը։
Հոս կ՚ուզեմ յիշել թէ ի՛նչպէս այս աղօթքը մինչեւ այսօր հաւատացեալ ժողովուրդի շուրթերուն է եւ շատ շատեր, ծեր թէ երիտասարդ, կը շարունակեն ոչ միայն արտասանել, այլ սրբալոյս հայրապետի խօսքերը իւրացնելով, իր յանձնարարածի նման՝ այս խնկաբոյր աղօթքը՝ առ Աստուած կը բարձրացնեն սրտի խորքէն, իւրովի, անձամբ յօրինածի թարմութեամբ։
Շատեր սովորութիւն ըրած են կարեւոր քննութենէ առաջ մտքի բացութիւն խնդրելու համար՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս»ը արտասանել, կամ ճամբորդութենէն առաջ աղօթելու համապատասխան «Պահապան ամենայնի»ն տունը, եւ կամ չար սատանայի ազդեցութենէն ազատելու համար՝ «Խնամող արարածոց»ը, զղջման համար՝ «Դարձուցիչ մոլորելոց»ը, իսկ «Աղբիւր անմահութեան»ը՝ գործած մեղքերու վրայ լալու համար, մահուան լաւագոյն կերպով պատրաստ գտնուելու համար՝ «Պարգեւիչ ողորմութեան»ը, հոգին խաղաղութեամբ աւանդելու համար՝ «Բարերար Տէր»ը, արժանի ըլլալու համար Քրիստոսի լոյսը տեսնելու՝ «Լոյս ճշմարիտ Քրիստոս»ը, վերջին դատաստանին չդատապարտուելու համար՝ «Դատաւոր արդար»ը, բոլոր սիրելիները Աստուծոյ բարեխնամ հոգատարութեան յանձնելու համար՝ «Ամենախնամ Տէր»ը, եւ ի վերջոյ, որպէսզի Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ կատարէ մեր խնդրանքները՝ «Փառաւորեալ Տէր» սկզբնաւորութեամբ տունը։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հաշտարար
Այս երկուքը Կիլիկիոյ հայ իշխանական մեծագոյն ընտանիքներու պարագլուխներն էին։ Իրենց հակառակութեան պատճառը Բիւզանդիոնն էր։
Թորոս իշխանը որ տիրացած էր լեռնային Կիլիկիոյ՝ յոյներու տկարութենէն օգտուելով 1151ին իր իշխանութեան սահմանները կ՚ընդարձակէ նուաճելով դաշտային Կիլիկիան։ Յոյներու կայսրը՝ Մանուէլ 1153-1156, երեք տարի շարունակ, նախ յունական զօրքով ապա Իկոնիայի Սուլթանին եւ հուսկ Անտիոքի կառավարիչին միջոցով չի յաջողիր Թորոս իշխանը շղթայակապ Կոստանդնուպոլիս տանիլ։ Կայսրը կը ստիպուի մեծ նաւատորմիղով անձամբ ժամանել Կիլիկիա 1158ին եւ ամիսներ շարունակ ասպատակելով ամբողջ երկիրը՝ չի յաջողիր բռնել Թորոս իշխանը, մինչեւ որ 1159ի գարնան լատին իշխաններու միջնորդութեամբ Թորոս հաւատարմութիւն կը խոստանայ Մանուէլ կայսրին եւ միասին փառաւոր մուտք կը գործեն Անտիոք՝ 1159ի Ապրիլի 12ին։ Բոլոր քրիստոնեայ իշխանները կ՚ակնկալէին որ Մանուէլ կայսրի գլխաւորութեամբ պիտի արշաւեն Նուրէտտինի դէմ՝ վերջնականօրէն ազատելու համար իսլամներու ասպատակութիւններէն։ Սակայն անբացատրելիօրէն Կայսրը աճապարանքով կը վերադառնայ Բիւզանդիոն, բոլորի մօտ յուսախաբութիւն եւ անվստահութիւն առաջացնելով։ 1163ին Կիլիկիոյ յոյն տեղապահը՝ Կայսրի խնամի Անդրոնիկոս Եւփորպեն դուքսը նենգամիտ խարդաւանքով դաժանաբար կը սպաննէ Թորոսի փոքր եղբայրը՝ Ստեփանէն։ Թորոս այս արարքով արձակուած կը համարի հպատակութեան իր խոստումի կապանքները եւ վրէժխնդրութեամբ բազմահազար յոյներ կը կոտորէ եւ կրկին կը տիրանայ դաշտային Կիլիկիոյ։ Լամբրոնի տէր Օշին իշխանը կայսրին հաւատարմութեան ուխտով ինքզինք պարտաւոր կը զգայ դէմ ելլել Թորոսի։ Ահա այսպիսի եղբայրասպան պատերազմի մը առաջքն առնելու համար Գրիգորիս Կաթողիկոս կը շտապէ իր հարազատ եղբայրը՝ Ներսէս Շնորհալին միջնորդ եւ հաշտարար ղրկել երկու իշխաններուն մօտ, որոնցմէ Օշին ամուսնացած էր իրենց եղբօր՝ Շահանի դստեր՝ Շահանդուխտի հետ, իսկ Թորոս հռչակուած էր ոչ միայն որպէս արդարասէր եւ խոհեմ այլ նաեւ յարգալից եւ բարեպաշտ քրիստոնեայ։
Ս. Ներսէս Շնորհալիի խաղաղասէր, հանդարտաբարոյ եւ սիրազեղ միջամտութեամբ երկու իշխանները կը հաշտուին։ Այս առիթով, 1164ին Օշին կ՚ընկերանայ Շնորհալիի մինչեւ Մամեստիա եւ կը ծանօթացնէ Մանուէլ կայսրի փեսային՝ Ալեքս Աքսուխի, հանճարեղ եւ պայծառամիտ մարդ։ Այս հանդիպումը առիթ կը հանդիսանայ որ Ալեքս իշխանը աւելի հանգամանալից կերպով ճանչնայ հայ եկեղեցւոյ դիրքորոշումը, հաւատքն ու ծէսը։ Այս հանդիպումէն ծնունդ պիտի առնէ բիւզանդական եկեղեցւոյ հետ համերաշխ երկխօսութեան նամակագրութիւնը։
Շնորհալի այս առաքելութեան աւարտին անձամբ կը ծանօթանայ Օշինի փոքր զաւակին՝ տասներկուամեայ Սմբատիկին հետ, ապագայ Ս. Ներսէս Լամբրոնացին։
Կաթողիկոսական օծումը եւ ատենախօսութիւնը
Երբ Ս. Ներսէս Շնորհալի Թորոս եւ Օշին իշխանները հաշտեցնելու միջնորդութեան յաջող առաքելութենէն Հռոմկլայ կը վերադառնայ, իր վատառողջ եղբօր՝ Գրիգորիս Կաթողիկոսի պնդումներուն զիջելով՝ կը ստանձնէ կաթողիկոսական ծանր պատասխանատուութիւնը, որ շատ անգամ մերժած էր՝ անարժան եւ անպատրաստ համարելով իր անձը:
Ծաղկազարդի տօնին, 17 Ապրիլ 1166ին, Հռոմկլայ կը հաւաքուին շրջակայ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, սուրբ Լերան վանականներ եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը՝ մասնակցելու համար նոր Կաթողիկոսի օծման արարողութեան:
Այս բոլորին եւ յատկապէս իր հոգեկան ապրումներուն մասին անձամբ ինքը՝ Ներսէս Շնորհալին կը պատմէ, ձեռնադրութենէն առաջ հաւաքուած հոգեւորականներուն ուղղած իր ատենախօսական ճառին մէջ:
Դէպքերու համառօտ նկարագրութենէն ետք հրապարակայնօրէն կը խոստովանի իր անարժանութիւնը, նախ շեշտելով որ Աստուծոյ ծառայութեան համար իր անձը քառաձի կառքի նման չէր լծած՝ իմաստութեամբ, ողջախոհութեամբ, արիութեամբ եւ արդարութեամբ, որպէսզի քառատրոփ արշաւէր եւ առաջնորդէր Աստուծոյ ժողովուրդը: Ապա կը թուարկէ կաթողիկոսութեան գերազանցութիւնը եւ անձնազոհ հովիւի յատկանիշները. միջնորդ, դէտ, բժիշկ, քաւիչ, վարդապետ, դաստիարակ, դայեակ, մշակ, կերակրիչ, լոյս, աղ, եկեղեցւոյ գլուխ եւ քահանայապետ, դատաւոր եւ հազարապետ:
«Քանզի ոչ անուշահոտ վարքով սպասաւոր եղայ սրբութեան իւղին՝ սրբութեան ժամանակ, ոչ իմ անձս նուիրեցի որպէս աստուածահաճոյ կենդանի սուրբ պատարագ՝ պատարագուած անպատարագելի ոչխարին քահանայութեամբ եւ ոչ ալ հանգստեան ջուր խմցուցի եւ կամ իմաստութեամբ դալար վայրեր արածեցի սակաւաթիւ հօտիս տեսչութեան ժամանակ»:
Այս տողերուն մէջ Շնորհալի կը թուարկէ իր կեանքի հանգրուանները՝ մկրտութիւնը, քահանայութիւնը եւ եպիսկոպոսութիւնը, շեշտելով իւրաքանչիւրին բնորոշ հանգամանքը եւ իր թերացումը: Սարսափահար՝ մտատանջութեան կը մատնուի, որ չըլլայ թէ ընդունելու պարագային՝ փառամոլութեան ծուղակն իյնայ, իսկ չընդունելով՝ Աստուծոյ ծրագիրներուն անհնազանդ գտնուի եւ պատժուի:
«Այս մտավախութիւններուն այլ ելք չունիմ՝ եթէ ոչ ձեր աղօթքներով. որովհետեւ եթէ անսուտ հրամանին համաձայն, ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին՝ անոնց հետ է Քրիստոս, ո՛րքան առաւել եւս պէտք է հաւատալ որ բոլորին Աստուածը ներկայ է հոգեւորական խնդրի մը համար Իր անունով հաւաքուած այսքան սրբազան հայրերու մէջ»:
Ս. Ներսէս Շնորհալի իր կաթողիկոսական օծումէն առաջ խօսքն ուղղելով Հայրապետին եւ համախմբուած հոգեւորականներուն՝ երեք տեսակ աղօթք կը հայցէ: Նախ եւ առաջ մկրտութենէն մինչեւ այդ օրը մտքով, խօսքով եւ գործով կատարած մեղքերուն թողութիւն կը խնդրէ, որպէսզի բժշկուած՝ պատրաստ ըլլայ աստուածային օրհնութեան շնորհիւ եւ սուրբ Հոգիի օծումով մաքրուելու մեղքերու տիղմէն, ամբողջապէս սրբանալու, բոլորովին վերանորոգուելու եւ միշտ առոյգ մնալու՝ մինչեւ Քրիստոսէ կանչուելու պահը:
Ապա կը խնդրէ որ իր անձին համար հայցեն Տիրոջ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ երկիւղը՝ որպէսզի անմոլար եւ անխոտոր, առանց ծուլութեան եւ թերանալու, արդարութեամբ եւ սրբութեամբ, առանց գայթակղութեան առիթ տալու եւ կարգին ու հաւատքին հայոյանքի պատճառ դառնալու, այլ Աստուծոյ անուան փառքին համար բոլոր տեսնողներուն՝ խօսքով եւ գործով բարի օրինակ դառնայ: Լոյս ըլլայ տգիտութեամբ խաւարածներուն եւ յանդիմանական խօսքերով կսկծեցուցիչ աղ՝ մեղքերու մէջ առածողներուն համար: Միամիտ աղաւնի՝ Քրիստոսի պատուիրանները սիրելու, եւ խորագէտ օձ՝ ընդդէմ սատանայի չար խորամանկութիւններուն եւ հնարագէտ իմաստութեամբ առաքելական ուռկանով մարդիկ կեանքի որսալու:
Երրորդ աղօթքը կը նախընտրեմ ամբողջութեամբ մէջբերել.
«Յատկապէս աղերսագին կ՚աղաչեմ, որ սրտագին աղօթք բարձրացնէք դէպի բոլորին Աստուածը՝ ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգի համար:
Բարեխօս կարգենք Աստուծոյ մօտ մեր առաջին հայրերը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչն ու իր որդիները, որ Աստուծոյ օրէնքին համար հայոց բիրտ թագաւորներուն եւ վայրենաբարոյ իշխաններուն ձեռքով տաժանելի տանջանքներով աշխարհէն հեռացան:
Մանաւանդ թէ, Աստուա՛ծ թող բարեխօսէ մեզի համար անոնց մօտ, որպէսզի նախ իրենք մեզի ներեն եւ ազատեն այն արդար անէծքներէն՝ որ իրաւացիօրէն թափեցին սեփական ժողովուրդի զաւակներու գլխուն, որու հետեւանքով՝ այսքան երկար ժամանակ, Աստուծոյ բարկութիւնը աններելի եղաւ, վերացնելով թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը, մատնելով սուրի եւ գերութեան, հրեայ ժողովուրդին նման ցրուելով ստրկութեան եւ ամէն ազգի ծառայելու:
Եւ երբոր անոնք հաշտուին, ապա իրենք պիտի դիմեն եւ պաղատին մեր Աստուծոյ՝ վերացնելու համար յանցանքներ պատուհասող ցասումը, որ մարգարէացան թէ մեր վրայ կը թափի: Հալածելու համար մեր վրայ յարձակուողները եւ փրկելու մեզ առիւծներու բերանէն: Ազատելու համար խաւարի մէջ նստող գերիները կապանքներու տունէն եւ վերադարձնելու համար ամէնքը հայրենի աշխարհ, ինչպէս Զօրաբաբելի ձեռքով՝ Իսրայէլի որդիները: Պարգեւելու համար արդար թագաւոր եւ Աստուծոյ իրաւունքին մէջ հաստատուն իշխաններ, որպէսզի ինչպէս խիստ եւ ապստամբ իշխանաւորներու միջոցով խմեցինք Տիրոջ ձեռքէն բարկութեան բաժակը, նոյնպէս Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդ եղողներուն ձեռքէն խմենք քաղցրութեան եւ ողորմութեան բաժակը: Որոնց հետ միաբերան փառաւորենք ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ Հայրը, Որդին եւ սուրբ Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն»:
Ներսէս Կլայեցի Կաթողիկոս – Թուղթ ընդհանրական
Վաթսունամեայ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը կաթողիկոսական գահ կը բարձրանայ յառաջացած տարիքին եւ առաւել եւս յառաջացած հոգեւոր կեանքով: Ընտրութենէն երեք ամիս ետք, 1166ի Յուլիսի վերջը կամ Օգոստոսի սկիզբը կը վախճանի երէց եղբայրը՝ Գրիգորիս Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսը: Այս առիթով է որ Ներսէս Դ. Կլայեցի կը շարադրէ «Ընդհանրական Թուղթ»ը, իր տեսակին մէջ առաջին հանդիսացող շրջաբերական նամակ մը՝ ուղղուած բոլոր քրիստոնեայ հասարակութեան տարբեր դասակարգերուն, որ ծնունդ կ՚առնէ անել կացութեան մը հրամայականին որպէս պատասխան: Հայրապետը գրիչին ապաւինելով՝ թուղթին կը յանձնէ իր խօսքը՝ հասանելի դառնալու համար համայն ժողովուրդին, որ ցիր ու ցան եղած՝ կը տառապի տարբեր իշխանութիւններու լուծին տակ:
Ս. Ներսէս Շնորհալի կը խոստովանի իր զարհուրած եւ սարսափահար վիճակը՝ մտահոգ՝ կաթողիկոսական ծանր պաշտօնին հաւատարիմ կատարման համար, որովհետեւ ոչ միայն արտաքին հանգամանքները կը խոչընդոտեն, ինչպէս հեռաւորութիւնը, ստրկութիւնը, աղքատութիւնն ու անտէրութիւնը, այլ յատկապէս մարդոց անհաւատութիւնը, անտարբերութիւնը եւ չկամութիւնը, որ Աստուծմէ հեռացած՝ չեն ուզեր հաւատարիմ մնալ ու գործադրել մկրտութեան խոստումները:
Խօսքն ուղղելով համայն քրիստոնեայ ժողովուրդին, կը բացատրէ թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի հոգեւոր մարմնին գլուխը՝ ճշմարիտ հաւատքն է, իսկ անդամները՝ արդարութեան գործերը: Նմանապէս, ամէն քրիստոնեայի հոգեւոր կառոյցին՝ աստուածային տաճարին հիմքը՝ ճշմարիտ հաւատքն է, իսկ արդար գործերը այս հիմքի վրայ բարձրացող շէնքը:
Հաւատքի ուղղափառութեան արհաւատչեան՝ եկեղեցւոյ սորվեցուցած վարդապետութիւնն է՝ հիմնուած Աստուածաշունչ մատեանի, առաքեալներու ուսուցման եւ սուրբ Հայրերու աւանդութեան վրայ: Այս ամուր ապառաժին վրայ պէտք է իւրաքանչիւր անձ իր հոգեւոր տաճարը կառուցէ ազնուագոյն նիւթերով՝ ոսկիով, այսինքն ընկերային կեանքին մէջ արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ, արծաթով՝ այսինքն անձնական կեանքի մէջ մտքի մաքրութեամբ եւ սրտի սրբութեամբ, եւ ազնիւ քարերով՝ այսինքն կատարելապէս զարդարուած սիրով, խոնարհութեամբ, անոխակալութեամբ, պահքով, աղօթքով եւ ժուժկալութեամբ:
Ընդհակառակը, եթէ մեր տաճարը կառուցենք փայտով, յարդով ու եղէգով՝ ահեղ դատաստանի օրը հրոյ ճարակ կը դառնանք եւ ակնթարթի մէջ մեր կառոյցը մոխիրի կը վերածուի: Այս նմանութիւնը Շնորհալի կը մէջբերէ՝ յիշեցնելով թէ վերջին դատաստանին աստուածային հուրն է որ պիտի զտէ եւ զատորոշէ չարը բարիէն:
Սուրբ Ներսես Շնորհալի՝ Մեծ հայրապետն հայոց (1102 – 1173) հաղորդաշար
Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Ջամուրլեան
Աղբյուրը՝ https://www.vaticannews.va/